Jump to content

Փայլատակում (ֆիլմ)

Փայլատակում (ֆիլմ)
Զգայացունց Տրամա
The Shining
Արտադրիչ
Թատերագիր
  • Սթիվեն Քինկ (վեպ)
  • Սթենլի Քուպրիկ
  • Տիանա Ճոնսոն
  • Երաժշտութիւն
  • Վենտի Քառլոս
  • Ռեչել Էլկինդ
  • Արտադրող
    ընկերութիւններ
    Թողարկման
    թուական
    1980
    Տեւողութիւն
    143 վայրկեան

    Փայլատակում (The Shining) 1980-ի ֆիլմ։

    Սկսնակ գրող Ճէք Թորընսը (Ճէք Նիքըլսըն) աշխատանքի կը տեղաւորուի Քոլորատոյի լեռներուն մէջ գտնուող մեծ ու շքեղ հիւրանոցի մը մէջ, որպէս ձմեռնային պահակ եւ կը տեղափոխուի հոն կնոջ՝ Ուէնտիի (Շէլլի Տիւվըլ) եւ որդուն՝ Տէննի (Տէննի Լլոյտ) հետ։

    Հիւրանոցի տնօրէն Սթիւըրտ Ուլմանը Ճէք Թորընսին կը պատմէ մութ պատմութիւն մը նախկին աշխատակից Տելպըրթ Կրէյտիին մասին, որ աշխատած էր հոն քանի մը սէզոն առաջ եւ հիւանդանալով քլաուսթրաֆոպիով, սպաննած էր իր կնոջը եւ երկուորեակ աղջիկներուն։ Այդ պատմութիւնը չի յուզեր Ճէքը եւ ան տեղափոխուելով հիւրանոց կը ցանկայ աւարտին հասցնել իր սկսած վէպը։

    Ամիս մը անց Ճէքը կը սկսի դառնալ դիւրաբորբոք եւ կը սկսի կասկածիլ, որ իր անյաջողութիւններուն պատճառը կինն է, իսկ Տէննիին կը սկսին հետապնդել սպաննութեան տեսարաններով տեսիլքներ։ Սեւամորթ շէֆ-խոհարար Տիք Հալլորանը, որ օժտուած էր հեռազգացութեան (թելեփաթի) շնորհքով, կը պատմէ Տէննիին, որ որոշ մարդիկ օժտուած են այսպէս կոչուած «փայլատակումի» շնորհքով, այսինքն կրնան տեսնել աւելին, քան՝ միւսները։ Տէննին կը հարցնէ Տիքի՝ կա՞յ արդեօք բան մը, ինչէն պէտք է զգուշանալ այս հիւրանոցին մէջ եւ Տիքը խորհուրդ կու տայ անոր զգոյշ մնալ թիւ 237 սենեակէն։

    Ատկէ յետոյ ֆիլմին մէջ կը սկսին ծաւալիլ հիմնական իրադարձութիւնները ...[1]

    • Ճէք Նիքըլսըն - Ճէք Թորընս
    • Շէլլի Տիւվըլ - Ուէնտի Թորընս
    • Տէննի Լլոյտ - Տէննի Թորընս
    • Սքէթմըն Քրոզըրս- չիֆ խոհարար Տիք Հալլորան
    • Պարրի Նելսըն- Սթիւըրտ Ուլման
    • Ֆիլիփ Սթոուն- Տիլպերթ Կրէյտի
    • Ճօ Թերկէլ- պարմէն Լլոյտ
    • Էնն Ճէքսըն- բժիշկ
    • Թոնի Պերթոն- Լարրի Տուրքին
    • Լիա Պելտամ- լոգարանի աղջիկ
    • Պիլլի Կիպսըն- լոգարանի պառաւ
    • Պէրրի Տէննըն- Պիլլ Ուաթսըն
    • Տեւիտ Պաքսթ- անտառապահ
    • Լիզա Պարնս- երկուորեակ քոյրեր
    • Ռոպին Փափփաս- բուժքոյր

    Ֆիլմը տարբեր վարկանիշային ֆիլմերու ցանկին վրայ կը զբաղեցնէ հետեւալ տեղերը.

    • Entertainment Weekly ամսագիրի ընթերցողներու լաւագոյն սարսափ ֆիլմերու վարկանիշային ցանկ - 9
    • Ամերիկեան սինէ-ակադեմիայի «100 ամէնալարուած սիւժէ ունեցող ֆիլմերու» ցանկ - 29
    • Ամերիկեան սինէ-ակադեմիայի կողմէն հրապարակուած Ամերիկեան բոլոր ժամանակներու ֆիլմերու 100 լաւագոյն դրական եւ բացասական հերոսներու ցանկին վրայ Ճէք Նիքըլսընի մարմնաւորած Ճէք Թորընսը 25-րդ տեղը կը զբաղցնէ որպէս բացասական հերոս
    • 2003 թուականին հրապարակուած «Channel 4»-ի «100 ամէնասարսափելի ֆիլմեր» ցանկ - 1
    • «Total Film»-ի 2004 թուականին հրապարակուած «լաւագոյն սարսափ ֆիլմեր» ցանկ - 5
    • «Bravo TV»-ի 2005 թուականին հրապարակուած «100 ամէնասարսափելի պահեր» ցանկ - 6
    • 250 լաւագոյն ֆիլմեր (ըստ IMDb վարկածի) վարկանիշային ցանկին վրայ ֆիլմը կը զբաղցնէ 48-րդ տեղը (2011 թուականի Օգոստոս 4-ի դրութեամբ)
    • Ամերիկեան բոլոր ժամանակներու 100 լաւագոյն թրիլըր ֆիլմերու ցանկին վրայ - 29-րդն է
    • Ամերիկեան բոլոր ժամանակներու ֆիլմերու 100 լաւագոյն խօսքերու ցանկին վրայ ընդգրկուած է Ճէք Թորընսի «Ահա Ճոննին» խօսքը - 68

    Հետաքրքրական փաստեր

    [Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
    • Ֆիլմի շահոյթը կազմած է մօտ 44 միլլիոն տոլար։ Մինչեւ «Միզերի» ֆիլմի պաստառ բարձրանալը (1990 թուական), «Փայլատակումը» Սթիվըն Քինկի վէպերու էքրանացումներէն ամէնամեծ շահոյթ բերած ֆիլմն էր։
    • Ճէք Թորընսի դերով սկիզբը Քուպրիկը կը քննարկէր նկարահանել Ռոպըրթ Դը Նիրոն, որուն խաղին հետեւած էր «Թաքսիսթը» ֆիլմէն եւ Ռոպին Ուիլիըմսին «Մորքը եւ Մինտին» ֆիլմաշարէն, սակայն յետոյ ան հրաժարեցաւ եւ ընտրեց Ճէք Նիքըլսընը։
    • Սթիվըն Քինկի վեպին մէջ նկարագրուած էին երեւակայական թուփ-կենդանիներ, որոնք կը շարժուէին այն ժամանակ, երբ անոնց չէին նայեր։ Սակայն Քուպրիկը կը փոխարինէ զանոնք մեծ լապիրինթով, որու կառուցման համար օգտագործուած է շուրջ 900 թոնն աղ եւ փենոփլասթ։
    • Տէննիի դերին համար փորձարկուած է մօտ 5000 երեխայ։
    • Սթէնլի Քուպրիկը նկարահանող խումբին համապատասխան հոգեբանական իրավիճակի մէջ պահելու համար անընդհատ անոնց կը ցուցադրէր բեմադրիչ Տէյվիտ Լինչի նկարահանած «Գլուխ-ռետին» սարսափ ֆիլմը։
    • Օվըրլուք (Overlook) հիւրանոցի տեքորը մինչ օրս կը նկատուի համաշխարհային սինեմատոկրաֆիի ամէնամեծ տեքորներէն։
    • Քուպրիկի պատուերով դերասանուհի Շէլլի Տիւվըլին, որ կը մարմնաւորէր Ճէք Թորընսի կնոջ՝ Ուէնտի Թորընսին, արգիլուած էր նկարահանումի ժամանակ ըսել գովեստի կամ քաջալերութեան խօսքեր, աւելին Քուպրիկը անընդհատ պատճառ կ՚որոնէր, որ յաճախ պոռար անոր վրայ՝ պահելով անոր լարուածութեան մէջ։ Յետագային, ըստ դերասանուհիի խօսքերուն, այդ ամէնը Քուպրիկը կ՚ընէր անոր խաղը աւելի տպաւորիչ դարձնելու համար։
    • Այն քատրը, ուր Ճէքը կը կոտրէ դուռը, նկարահանուած է 3 օրուան ընթացքին եւ այդ ընթացքին օգտագործուած է 60 դուռ։
    • Սկիզբը Քուպրիկը որոշած էր Տիք Հալլորանի սպաննութեան քատրը նկարահանել 70 տապլով, սակայն Ճէք Նիքըսընը խնդրած էր Քուպրիկի յարգել 69-ամյայ դերասանին, որ ի դէպ չդիմանալով նկարահանումի դժուարութիւններուն, լացած էր եւ ըսած Քուպրիկի. - «Ի՞նչ կ՚ուզէք ինձմէ, միսթր Քուպրիկ»։
    • Սթէնլի Քուպրիկը, որ ճատրակի մեծ սիրահար էր, մէկ օրով դադրեցուցած էր նկարահանումները եւ ճատրակ խաղցած էր դերասան Թոնի Պերթընին հետ (չնայած այն բանին, որ ֆիլմի նկարահանումները ետ կ՚իյնային ժամանակէն)։
    • Պէյսպոլի մականի վրայ, որով Ուէնտին կը զարնէ Ճէքին, քատրերէն մէկուն մէջ կարելի է նկատել Քարլ Եասթրզեմսքիի ստորագրութիւնը, որ «Ռէտ Սոքս» թիմի յայտնի խաղացող էր. թիմ, որուն հաւատարիմ երկրպագուն էր Սթիվըն Քինկը։
    • Արիւնոտ դէմքով մարդը, որ կը վախցնէ Ուէնտիին՝ «Հիանալի երեկոյթ է, այդպէ՞ս չէ» արտայայտութեամբ, ֆիլմի խմբագիր Նորման Կայն է։
    • Թորընսի ինքնաշարժըVolkswagen Beetle մակնիշի է։
    • Ֆիլմի սկիզբը, երբ գրողի ինքնաշարժը կը սլանայ լեռներով, քատրերէն մէկուն վարի աջ անկիւնը կարելի է նկատել նկարահանող ուղղաթիռին ստուերը։

    Ծանօթագրութիւն

    [Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
    1. (անգլերեն) The Shining (film), 2024-09-14, https://en.wikipedia.org/wiki/The_Shining_(film), վերցված է 2024-09-16 
    pFad - Phonifier reborn

    Pfad - The Proxy pFad of © 2024 Garber Painting. All rights reserved.

    Note: This service is not intended for secure transactions such as banking, social media, email, or purchasing. Use at your own risk. We assume no liability whatsoever for broken pages.


    Alternative Proxies:

    Alternative Proxy

    pFad Proxy

    pFad v3 Proxy

    pFad v4 Proxy